Ալճերիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ֆրանսացի անուանի ֆութպոլիստ Նիքոլա Անելքային արգիլուեցաւ մաս կազմել ալճերիական Հիւսէյն Տէյ ակումբին` նկատի ունենալով, որ երկրին գործող օրէնքին համաձայն, ակումբները իրաւունք չունին իրենց կազմին միացնելու վեթերան ֆութպոլիստներ, որոնց տարիքը 27 տարեկանէն վեր է եւ իր երկրին ազգային հաւաքականին անդամ չէ:
Նշենք, որ 35 տարեկան Անելքա, մտադիր էր մէկուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրել ալճերիական վերոնշեալ ակումբին հետ:
Ֆութպոլիստի իր ասպարէզին ընթացքին միշտ խումբեր փոխող Անելքայի մաս կազմած ակումբները եղած են Փարիզ Սեն Ժերմեն, Ռէալ Մատրիտ, Արսենալ, Լիվըրփուլ, Մանչեսթըր Սիթի, Ֆեներպահչէ, Պոլթըն, Չելսի, Շանկհայ Շենհուա, Եուվենթուս եւ Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիըն: