Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ, WBO-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ կը նախապատրաստուի 21 փետրուարին Պերլինի մէջ (Գերմանիա) գտնուող «02-World» մարզահամալիրին մէջ Փոլ Սմիթի դէմ տեղի ունենալիք փոխվրէժի մենամարտին:
Նշենք, որ նախորդ տարուան սեպտեմբերին Աբրահամ 12 ռաունտ տեւած մենամարտէ մը ետք, իրաւարարներու միաձայն որոշումով 117-111, 117-111, 119-109 կէտերու բացարձակ առաւելութեամբ յաղթեց Սմիթին:
Ասիկա պիտի ըլլայ զոյգ կռփամարտիկներուն միջեւ երկրորդ մենամարտը, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am: