
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ երեկոյեան Ռիատի Պէյրութ իր դաշտին` Մանարայի մէջ հիւրընկալեց Հուփսը:
Հիւրընկալ կազմը արձանագրեց տարեշրջանի իր 7-րդ յաղթանակը` 77-65 արդիւնքով (20-20, 44-35, 59-50 եւ 77-65) յաղթելով իր հիւրին:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հուփսի մարզիկներէն Թայրըն Նելսըն` 16 կէտ եւ 15 ռիպաունտ, իսկ Ռիատիէն 15 կէտ եւ 5 ռիպաունտ նշանակեց Պրայըն Քուք: