Գերմանական Կումերսպախ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի բարեգործական մրցում մը, որ կազմակերպած էր Ինթեր Միլանի նորեկ մարզիկ Լուքաս Փոտոլսքի:
Այս հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ գերմիջին կարգի «WBO»-ի աշխարհի գործող ախոյեան Արթուր Աբրահամ:
Փոտոլսքիի խումբին եւ Քալիի խումբին միջեւ տեղի ունեցած այս մրցումին նշանակուեցաւ 17 կոլ:
Նշանակուած այդ կոլերուն մէջ իր բաժինը ունեցաւ հայազգի կռփամարտիկը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Այս մրցումին մասնակցած են նաեւ նախկին բերդապահ Թիմ Վիզէ, կռփամարտիկ Ֆելիքս Շթուրմ, պատկերասփիւռի կայանի աստղ Տանիելա Քացենպերկ եւ ուրիշներ: