Նախանցեալ օր Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ խորհրդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան կատարուելիք աշխատանքները:
Ֆետերասիոնի նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեան ընդգծեց, որ 2015-ը պիտի ըլլայ սովորականէն աւելի ծանրաբեռնուած տարի մը` նկատի ունենալով, որ Հայաստան կը պատրաստուի մասնակցելու միջազգային շարք մը մրցաշարքերու: Ատկէ բացի, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան համահայկական 6-րդ խաղերը:
Ռոստոմեան յատուկ յանձնարարութիւններ տուաւ հաւաքականի խումբերուն պատասխանատուներուն` նշելով, որ 2015-ին Եւրոպայի տարիքային տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններուն Հայաստան պէտք է պայքարի ամէնէն բարձր արդիւնքները ձեռք ձգելու համար: