Իր լուրը քաղելով ՖԻՖԱ-ին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am կայքը յայտնեց, որ ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց ցանկը այն ակումբներուն, որոնք իրմէ նիւթական գումարներ ստացան, ազգային խումբերու մաս կազմող իրենց այն ֆութպոլիստներուն համար, որոնք վնասուածք ստացած էին:
Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ ակումբները յատուկ ծրագիրով ստացած են 39,3 միլիոն եւրօ:
«Քլապ Փրոթեքշըն» ծրագիրը սկսաւ 2012-ին, որպէսզի փոխհատուցում վճարէ ակումբներուն` ազգային խումբերուն հետ մրցումներ կատարած եւ վնասուածք ստացած մարզիկներուն:
Վերջին երկու տարուան ընթացքին ընդհանուր առմամբ արձանագրուած է 126 դէպք: