Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ լիկայի Է. խմբակին մէջ ելոյթ ունեցող Մարսէյի երկրորդ խումբը, 17-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Օպանի հետ:
ArmSport.am հաղորդեց, որ Մարսէյի կոլը նշանակեց հայկական ծագում ունեցող միջնապահ Կայէլ Անտոնեան:
Նշենք, որ Օլիմփիք Մարսէյի Բ. խումբը այժմ 17-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 53 կէտ ապահովելով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը: