
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն (2001-2002-ի ծնունդ) ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցեցաւ Ժամհուրի դէմ (Բ. խմբակ):
Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ («Նաքքաշ), աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի աղջիկներուն յաղթանակով` 48-26 արդիւնքով:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Ա. կիսախաղին 24-9 արդիւնքով կը յառաջանար իր մրցակիցին վրայ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ա. հանգրուանի իր վերջին մրցումը կը կատարէ կիրակի, 1 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 13:30-ին, երբ վերոնշեալ դաշտին վրայ կը մրցի Անդրանիկի դէմ: