Շուէտի մէջ կը շարունակուին դահուկարշաւի աշխարհի 2015-ի ախոյեանութեան մրցումները:
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սքիաթլոնի (15+15 քմ) մրցումները, որոնց ընթացքին Հայաստանը կը ներկայացնէին Սերկէյ Միքայէլեան եւ Արթուր Եղոյեան:
ArmSport.am յայտնեց, որ Միքայէլեան, որ 40 թիւը կրած կը մասնակցէր այս մրցաձեւին` արձանագրելով 1 ժամ 23′ 57″ արդիւնք մը գրաւեց 45-րդ դիրքը:
Իսկ Եղոյեան (թիւ 62) 57 մասնակցողներուն մէջ (9-ը ժամանակէն առաջ լքեցին պայքարը), 1 ժամ 28′ 29″ արդիւնք մը արձանագրելով գրաւեց 55-րդ դիրքը:
Առաջին հանդիսացաւ ռուս Մաքսիմ Վիլեկժանին (1 ժամ 16′ 25″):