Սան Լորենսոյի (Սպանիա) նախագահ Մաթիաս Լեմընս, որ մեկնած է Ուրուկուէյ, պատահաբար ճաշարանի մը մէջ հանդիպած է հայ համայնքի հայ երիտասարդական միութեան անդամներուն:
Ուրուկուէյահայերը Լեմընսէն խնդրած են լուսանկարուիլ «Ես կ՛ընդունիմ Հայոց ցեղասպանութիւնը» գրութեան հետ, ինչ որ ան ընդունած է շատ մեծ սիրով, իր լուրը կ՛եզրափակէ TotalFootball.am: