Նախորդ շաբաթավերջին Պերլինի (Գերմանիա) «O-2 Ուորլտ» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ արհեստավարժ կռփամարտի երկրորդ միջին կարգի, «WBO»-ի աշխարհի ախոյեան, հայ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամի եւ անգլիացի Փոլ Սմիթի միջեւ մենամարտը:
Թէեւ Արթուր Աբրահամ առաւելութիւն ունէր ամբողջ մենամարտին ընթացքին, սակայն մրցակիցը մեծ ջանք կը թափէր նաք-աութէն խուսափելու համար:
Կը կարծուէր, որ Աբրահամ ժամանակէն առաջ պիտի աւարտէ հանդիպումը, սակայն 10-րդ ռաունտին վերջը անգլիացին յաջող յարձակումի ձեռնարկեց` ցոյց տալով, որ պատրաստ է դիմադրելու մինչեւ վերջ:
Աւարտին իրաւարարներուն միաձայն որոշումով յաղթանակը շնորհուեցաւ հայ կռփամարտիկին` 116-112, 117-111 եւ 117-111 արդիւնքով:
Նշենք, որ նախորդ տարի տեղի ունեցած մենամարտին Արթուր Աբրահամ կէտերով յաղթած էր Փոլ Սմիթին: