Նախորդ շաբաթավերջին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցան Պալքանեան երկիրներու աթլեթիզմի խմբային ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 14 երկիրներու ազգային խումբերը:
ArmSport.am կայքը կը հաղորդէ, որ այս ախոյեանութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստան: Տղոց հաւաքականը գրաւեց 10-րդ դիրքը, իսկ աղջկանց հաւաքականը` 9-րդ դիրքը:
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ տղոց դրօշարշաւի խումբը, որուն մաս կազմեցին Տիգրան Մկրտչեան, Ռոման Ալեքսանեան, Աշոտ Հայրապետեան եւ Նարեկ Ղուկասեան, 4×400 մեթր վազքի մրցումին գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Իսկ 2013-ի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան Լեւոն Աղասեան երեք քայլ ոստումի մրցումներուն գրաւեց 4-րդ դիրքը (16,19 մեթր):