Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, որուն բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` Երուսաղէմի մէջ, Հայաստան պիտի ունենայ 9 ներկայացուցիչ:
Անոնք են` Հրանդ Մելքումեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Վլատիմիր Յակոբեան, Զաւէն Անդրէասեան, Կարէն Գրիգորեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Արման Միքայէլեան եւ Վլատիմիր Պօղոսեան:
Ա. հանգրուանի մրցումները կը սկսին այսօր` երեքշաբթի, 24 փետրուարին:
Մրցաշարքը, որ բաղկացած է 11 հանգրուանէ, կ՛աւարտի 9 մարտին, կը հաղորդէ ArmSport.am: