«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Սալման Պըն Իպրահիմ Խալիֆա այդքան ալ համամիտ չի թուիր, որ 2022-ի Մոնտիալը Քաթարի մէջ տեղի ունենայ մայիսին: Անոր կարծիքով, Մոնտիալին կայացման համար աւելի յարմար կը թուին ըլլալ նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսները:
Կը գտնուի նաեւ այլ տարբերակ մըն ալ` յունուար – փետրուարը:
Սակայն, ըստ անոր, վերջին տարբերակը այդքան ալ նպաստաւոր չէ, որովհետեւ կրնայ խանգարել ձմեռնային ողիմպիականի խաղերը:
Սակայն վերջնական որոշումը պիտի տրուի 20 մարտին, Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա):
Նշենք սակայն, որ եւրոպական ակումբները ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն, որպէսզի 2022-ի Մոնտիալը տեղի ունենայ մայիսին: