«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին Եուվենթուս պիտի հիւրընկալէ Պորուսիա Տորթմունտը:
Վստահաբար բոլորին ուշադրութեան առարկան պիտի դառնայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (բոլոր մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը ճիշդ 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ
Եուվենթուս – Պորուսիա Տորթմունտ
Մանչեսթըր Սիթի – Պարսելոնա
ՎԱՂԸ
Արսենալ – Մոնաքօ
Պայէր Լեւերքուզըն – Աթլեթիքօ Մատրիտ