
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ եւ դարձի նախավերջին հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին այսօր, երբ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ – Հուփս մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Նշենք, որ երէկ Սաժես, որ հիւրընկալեց Մութթահետը, քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց 102-99 արդիւնքով:
Մութթահետի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տուարիք Սփենսըր (39), մինչ անոր խմբակից Փեթի Փերիշ` 30 կէտ:
Իսկ Սաժեսէն Էլի Ռըսթոմ նշանակեց 25 կէտ, մինչ Թերըլ Սթոկլին` 22 կէտ:
Պիպլոսի մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած Պիպլոս – Ռիատի Պէյրութ մրցումը աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով` 100-85 արդիւնքով (23-15, 39-41, 61-74 եւ 85-100), հակառակ անոր որ դաշտին տէրը առաջին քորթըրին 8 կէտի առաւելութիւն մը ունէր:
Մրցումին լաւագոյն կէտ նշանակողը հանդիսացաւ Ժահմար Եանկ, որ ի նպաստ Ռիատիի նշանակեց 32 կէտ (5 հատ 3 կէտնոց կողով): Անոր խմբակից Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 17 կէտ, իսկ Ժերեմիահ Մասսէյ` 19 կէտ:
Մոհամետ Իպրահիմ (Պիպլոս) նշանակեց 18 կէտ:
Նշենք, որ դարձի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները կը սկսին ուրբաթ, 27 փետրուարին: