
Նախորդ շաբաթավերջին Սանթրալի դաշտին վրայ (Ժունիէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Պրումմանա եւ Մէյրուպա:
Համակիրներու հոծ ներկայութեան, Պրումմանա 74-73 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հանդիսացաւ Դ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար բարձրացաւ Գ. դասակարգ:
Անոր հետ միասին Գ. դասակարգ բարձրացան նաեւ նոյնինքն Մէյրուպա, Աթլաս – Ֆըրզոլ եւ Շապապ Սուր:
Աւարտական այդ մրցումէն ետք Պրումմանա ախոյեանութեան իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Ղասսան Ֆարեսէն: