Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Փաստեց, Թէ Տկար Չէ

May 5, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ գիշեր, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը այս տարեշրջանի իր ամէնէն հետաքրքրական մրցումներէն մէկուն ընթացքին հիւրընկալեց 2022-ի ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը եւ աներեւակայելի մթնոլորտի մէջ 82-80 արդիւնքով դժուար պարտութիւն մը կրեց: Եթէ Ճորտըն Սթիվընզի պազըրի 3 կէտնոց փորձը մտնէր, արդիւնքը հակառակը կ՛ըլլար:

Ինչ կը վերաբերի մրցումին, ՀՄԸՄ, որմէ կը բացակայէր Կերի Չիւիչեան (յաջորդական 2-րդ մրցումը ըլլալով), կը խաղար նաեւ առանց 3 կէտերու Լիբանանի տիտղոսակիր Գէորգ Գէորգի, որ միացած է Հալէպի ՀՄԸՄ-ին: ՀՄԸՄ բաւական լաւ սկսաւ, բայց 3-րդ վայրկեանին բաւական կոշտ մրցումէ մը ետք կորսնցուց նաեւ սենթըր Եոաթ Ալոքը, որ հարուած մը ստացաւ դէմքէն:

Ալոք չկրցաւ ինքզինք զսպել եւ իր կարգին փոխադարձեց Ալի Հայտարին, մինչ իրականութիւնը չտեսնող մարզիկներ իրար անցան, եւ Պէյրութի միւս Ալին յարձակեցաւ Ալոքի վրայ: Ալոք հարուած մըն ալ տուաւ անոր եւ… մրցումը քանի մը վայրկեան ընդմիջուեցաւ, մինչեւ որ իրաւարարները դիտեն եւ դատեն մրցումին անցուդարձը: Աւելի ուշ ելաւ վճիռը, եւ Ալոք-Հայտար զոյգը վտարուեցաւ դաշտէն:

Հազիւ 2 վայրկեան եւս, եւ Պասել Հարֆուշ 3 կէտնոց կողով նշանակեց ու… ոտքը վիրաւորեց: Կացութիւնը շատ վատ էր: Ճիշդ է, որ արդիւնքը 11-12 էր ի նպաստ Պէյրութի, սակայն ՀՄԸՄ-ի բացակաները կ՛աւելնային: Պէտք էր մրցումը շարունակել լիբանանցի անփորձ Մարք Քայալ, Ճէյսըն Սուֆան, Ժոզեֆ Խուրի եւ Փիթըր Տեքերմէնճեան քառեակով:

Սակայն համակիրները ներկայ էին եւ մրցումէն առաջ իսկ սկսած էին գեղեցիկ մթնոլորտ ստեղծել` անընդհատ քաջալերելով ՀՄԸՄ-ի տղոց:

Պէտք է ըսել, որ չպատահեցաւ ժխտական ճնշում ՀՄԸՄ-ի տղոց վրայ, այլ դրական, եւ իրապէս 6-րդ մարզիկի դեր առնելով, համակիրներու լաւ քաջալերանքը իր արդիւնքը տուաւ եւ ՀՄԸՄ, որ պահ մը 18 կէտով ետ կը մնար, կրցաւ առաւելագոյնը ստանալ մանաւանդ իր պահեստի մարզիկներէն, որոնք լաւապէս կրցան պայքարիլ խումբի մը դէմ, որուն մաս կը կազմէին ազգային խումբի մարզիկներ Սերժիօ Տարուիշ, Ալի Մըզհեր, Մարք Խուրի, վեթերան Ալի Մահմուտ, ինչպէս նաեւ Քրիսթոֆ Խալիլ եւ անշուշտ օտարներ Տենկ Տենկ, Քենեթ Քաճի եւ Մայքըլ Ֆրէյզըր:

Պէյրութի մարզիչ Ժատ Հաժ դաշտ ներկայացուց մրցումին չարձանագրուած Եուսեֆ Պթէյշը…

Յամենայն դէպս, ՀՄԸՄ-ի տղաքը մանաւանդ Բ. կիսախաղին հերոսական ելոյթ ունեցան, եւ եթէ ազատ հարուածներ աւելի դիպուկ ըլլային, կրնայինք յաղթել նոյնիսկ: Թայլըր Պէյ իր կարգին բաւական անբախտ ելոյթ մը ունեցաւ, հակառակ անոր որ 28 կէտ եւ 12 ռիպաունտ նշանակելով դարձաւ մրցումին լաւագոյնը:

Վերջին մասին ՀՄԸՄ 31 կէտ նշանակեց 20-ի դիմաց եւ փոքր մանրամասնութիւններով է, որ ետ մնաց եւ կորսնցուց մրցումը` 82-80 արդիւնքով:

Ճորտըն Սթիվընզ 27 կէտ նշանակեց, Կապրիէլ Աճէմեան` 8 կէտ, Ճէյսըն Սուֆան` 6 կէտ, Եոաթ Ալոք եւ Պասել Հարֆուշ` 4-ական կէտեր, իսկ Ժոզեֆ Խուրի` 3 կէտ: Փիթըր Տեքերմենճեան 11 ռիպաունտ եւ 3 էսիսթ ձեռք ձգեց:

Յոյսով, որ չորեքշաբթի օր նոյն դաշտին վրայ մեր համակիրները կրկնեն իրենց այս պատկերը` քաջալերելով ՀՄԸՄ-ի խումբը ամբողջ մրցումին` Սաժեսի դէմ:

Ստորեւ` 15-րդ հանգրուանի բոլոր մրցումներուն արդիւնքները եւ դասաւորումը.

Սաժես – Շանվիլ 97-89
Ռիատի – Հուփս 103-72
Մէյրուպա – Էն. Էս. Էյ. 95-70
Թատամոն Հարաժել – Անդրանիկ 88-80
Սանթրալ – Անթունիէ 73-67
ՀՄԸՄ – Պէյրութ 80-82

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԿԷՏ
1.- Ռիատի 14 1 29
2.- Պէյրութ Ֆըրսթ 13 2 28
3.- Սաժես 13 2 28
4.- ՀՄԸՄ 8 7 23
5.- Հուփս 7 8 22
6.- Անթունիէ 7 8 22
7.- Անդրանիկ 7 8 22
8.- Մէյրուպա 5 10 20
9.- Շանվիլ 5 10 20
10.- Թատամոն Հարաժել 5 10 20
11.- Սանթրալ 5 10 20
12.- Էն. Էս. Էյ. 1 14 16

16-րդ հանգրուանի յայտագիր.

ԱՅՍՕՐ
Անթունիէ – Հուփս

ՎԱՂԸ
Շանվիլ – Սանթրալ
Էն. Էս. Էյ. – Ռիատի

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ
Թատամոն Հարաժել – Պէյրութ Ֆըրսթ
ՀՄԸՄ- Սաժես

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 14 ՄԱՅԻՍԻՆ
Անդրանիկ – Մէյրուպա

Նախորդը

Աղջկանց Պասքեթպոլ. Վաղը` Ազուր – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Յաջորդը

Էրտողան. «Սուրիոյ Մէջ Իսրայէլի Քայլերը Խաղաղութեան Սպառնալիք Են»

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

September 15, 2026
Հեծելարշաւ.  «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ

September 15, 2026
«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց
Մարզական

«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.