Վաղը գիշեր «Ֆորմիւլա 1»-ի տարեշրջանը կը շարունակուի եւ կը փոխադրուի հարաւային Ֆլորիտա, ուր Մայեմի պիտի հիւրընկալէ տարուան 6-րդ կրան փրին:
6 շաբթուան ընթացքին 5 կրան փրիներէ ետք, այժմ աւստրալիացի Օսքար Փիասթրի 3 յաղթանակներ արձանագրելէ ետք պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ «Մալքարեն»-ի իր խմբակից Լանտօ Նորիսի վրայ չնչին առաւելութիւն մը ունենալով, մինչ վերջին 4 տարիներու աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն իր «Ռետ Պուլ»-ով կարելին կը փորձէ ընել քայլ պահելու «Մաքլարեն»-ի հետ:
Վստահաբար ինքնաշարժի ուժին պատճառով է, որ Նորիս – Փիասթրի կը գրաւեն այս դիրքերը, մինչ «Ռետ Պուլ»-ի վատ տարեշրջանին պատճառը ինքնաշարժն է եւ դրական միակ բանը խումբին Վերշթափընի վարպետութիւնն է եւ գրեթէ անսխալ վարելու կարողութիւնը:
Այս կրան փրին կրնայ շատ արագ ըլլալ մանաւանդ մրցումի ազդանշանին, ուր վարորդներ իրենց առաւելագոյն ուժը կ՛օգտագործեն աւելի լաւ դիրք գրաւելու կամ պահելու համար իրենց դիրքը: Կրնայ ըլլալ, որ արկածներ պատահին առաջին դարձուածքին, ինչպէս անցեալ տարի պատահեցաւ, երբ Վերշթափըն – Սերխիօ Փերես «Ռետ Պուլ»-ի զոյգը մազապուրծ փրկուեցան արկածէ մը: Այս տարի նոյն բանը կրնայ պատահիլ Փիասթրի – Նորիս զոյգի պարագային, մանաւանդ որ Նորիսէն շատ աւելին կը սպասուէր, եւ այժմ ան ճնշումի տակ կը գտնուի:
Այս կրան փրիին համար «Ֆեռարի» մանր փոփոխութիւններ կատարած է ինքնաշարժին վրայ, բան մը, որ կրնայ Լըքլեր – Համիլթըն զոյգէն մէկուն փոտիում բարձրանալու յոյսեր ներշնչել:
«Մերսետես» իր կարգին ետ չի մնար «Ռետ Պուլ»-էն կամ «Ֆեռարի»-էն եւ Ճորճ Ռասըլ – Քիմի Անթոնելլի պիտի փորձեն միւս խումբերու սխալներէն օգտուիլ` գրաւելու համար փոտիումի վրայ դիրք մը:
Անցեալ տարի Մաքս Վերշթափըն փոլ փոզիշընը շահած էր, բայց կրան փրին շահած էր Նորիս: Այս տարի Մայեմիի միջազգային շրջավազքի հիւրընկալման 4-րդ տարին է: 2022-ին եւ 2023-ին Վերշթափըն շահած էր, մինչ Նորիսի ասպարէզի առաջին տիտղոսն էր անցեալ տարի, հակառակ որ ան 5-րդ դիրքէն սկսած էր:
Այս շրջավազքը միակն է, ուր «Մերսետես» բնաւ չէ կրցած շահիլ այս կրան փրին, որ կը բաղկանայ 57 շրջաններէ: