Պայերն Միւնիխի անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյն իր ասպարէզին մէջ որեւէ ակումբի հետ ոչ մէկ տիտղոս շահած է, այդ պատճառով ալ զինք անբախտ կամ չար բախտի մարզիկ կը կոչեն: Ատիկա կարծես նոյնիսկ Պայերն Միւնիխի վրայ ազդեց: Պայերն 11 յաջորդական տարիներ ախոյեան դառնալէ ետք անցեալ տարի Հերի Քէյնի ժամանումով… չէր կրցած շահիլ ախոյեանութիւնը, եւ այս տարի յոյս ունի այդ երեւոյթին վերջ տալու:
Անցեալ շաբաթ Պայերնի ախոյեանի տիտղոսին տօնակատարութիւնը այս շաբթուան յետաձգուած էր: Լայփցիկի մէջ Պայերն կրնար ախոյեան դառնալ, եթէ յաղթէր անշուշտ: Պայերնէն կը բացակայէր Քէյն, որ Պայերնի հետ տարեշրջանի իր 5-րդ դեղին քարտը ստացած էր եւ կախակայուած այս մրցումէն:
Պայերն 2 կոլերով ետ կը մնար առաջին կիսախաղին, ուր Հերի Քէյն պատուոյ թրիպիւնէն կը դիտէր: Բ. կիսախաղին 20 վայրկեանի ընթացքին (62-րդ վայրկեանէն) Տայըր, Օլիսէ եւ Սանէ 3 կոլեր նշանակեցին Պայերնի հաշուոյն, բան մը, որ Քէյնը քաջալերեց դաշտ իջնել պահեստի նստարաններուն մօտ` մրցումի աւարտին տօնելու համար, սակայն… 94-րդ վայրկեանին Լայփցիկ կոլ մը նշանակեց, եւ մրցումը աւարտեցաւ 3-3 արդիւնքով:


