Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթց հասաւ Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտական հանգրուան` 120-121 արդիւնքով դուրս ձգելէ ետք Լոս Անճելըսի 2-րդ խումբը` Քլիփըրզը:
Տենվըր այլ տեսակի մրցանիշ մը ձեռք ձգեց, երբ 6 մարզիկներ 15 կէտեր նշանակեցին, եւ միայն Նիքոլա Եոքիչ կրցաւ տապըլ տապըլ ձեռք ձգել` նշանակելով 16 կէտ եւ 10 ռիպաունտ:
Արոն Կորտըն 22 կէտ ձեռք ձգեց, Քրիսթիան Պրաուն` 21 կէտ, Ճամալ Մարէյ, Ռասըլ Ուեսթպրուք եւ Եոքիչ` 16-ական կէտեր, մինչ Մայքըլ Փորթըր Ճունիըր` 15 կէտ:
Օր մը առաջ, Հիուսթըն Ռոքեթց անակնկալի մատնած էր Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը` 115-107 արդիւնքով յաղթելէ եւ պարտադրելէ ետք 7-րդ վճռական մրցումը:
Կոլտըն Սթէյթ 3-1 ճակատումներու արդիւնքով կը յաղթէր եւ պէտք ունէր 1 յաղթանակի, սակայն Հիուսթըն, որ հռչակաւոր է իր խմբային խաղարկութեամբ, փաստեց, որ աստղերը կամ առանձին խաղալը խմբային խաղերուն մէջ միշտ ալ արդիւնաւէտ չեն ըլլար:
Սթեֆ Քըրրի 29 կէտ կրցած էր նշանակել, իսկ Ճիմի Պաթլըր` 27 կէտ, բայց Վան Վլիթ, Շենկիւն, Էտըմզ եւ ընկերներ կրցան վերջին մասին 29-23 արդիւնքով յառաջանալ եւ յաղթել մրցումը:
Նշենք, որ այս մրցումին վերջնական յաղթականը պիտի մրցի Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի դէմ, մինչ Տենվըր Նակեթց (թիւ 4) պիտի մրցի Արեւմտեան շրջանի լաւագոյն խումբին` Օքլահոմա Սիթի Թանտըրին դէմ, որ 4-0 ճակատումներու արդիւնքով դուրս ձգած էր Մեմֆիս Կրիզլիզը:
Այսօր առաւօտեան Քլիվլենտ (Արեւելեան շրջանի թիւ 1) Քեվելիրզ պիտի սկսի իր կիսաւարտականի առաջին ճակատումը` հիւրընկալելով Ինտիանա Փէյսըրզը (թիւ 4):