«Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականի մրցումները սկսան երեքշաբթի գիշեր, երբ Արսենալ Լոնտոնի մէջ կը հիւրընկալէր Ֆրանսայի Փարիզ Սեն Ժերմենը:
Երկու խումբերն ալ վերջերս փայլուն արդիւնքներ կ՛արձանագրէին, բայց Փարիզ Սեն Ժերմեն կրցաւ կոլ մը նշանակել 4-րդ վայրկեանին` Ուսման Տեմպերէի միջոցով, որ հակայարձակումի մը վրայ վրացի Քվիչա Քվարացխելիայի փոխանցումէն օգտուեցաւ:
Արսենալ անշուշտ վտանգեց Տոնարումայի բերդը եւ Բ. կիսախաղին սկիզբը կոլ ալ նշանակեց, սակայն ՎԱՐ-ի կողմէ չվաւերացուեցաւ, երբ Միրինոյի ուսը օֆ սայտի գիծէն դուրս էր…
7 մայիսին դարձի մրցումին, Փարիզ շատ զգուշ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ Արսենալ բնաւ դիւրին «պատառ» չէ…


