ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը լաւ ձեւով սկսաւ Դ. դասակարգի Պէյրութի շրջանի ախոյեանութիւնը եւ երէկ առաւօտեան 5-2 արդիւնքով յաղթեց Արզ խումբին:
Մրցումը շատ արագ սկսաւ, եւ ՀՄԸՄ 3-րդ վայրկեանին նշանակեց իր առաջին կոլը, բայց մրցակիցը 2 արագ կոլեր նշանակեց 6-րդ եւ 10-րդ վայրկեաններուն, այնուհետեւ ՀՄԸՄ հաւասարեցաւ եւ մինչեւ կիսախաղ արդէն 4-2 արդիւնքով յառաջացած էր:
Բ. կիսախաղին արդիւնքը մնաց անփոփոխ մինչեւ 83-րդ վայրկեան, երբ Վարդան Սարգիսեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 5-րդ կոլը:
Պէտք է ըսել, որ Աւագ Պալապանեան միջնապահ դիրքի վրայ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ եւ օրուան մարզիկն էր: Վարդանի կողքին ՀՄԸՄ-ի մնացեալ 4 կոլերը նշանակեցին Մոհամետ Ապտել Սաթեր (2), Մոհամետ Մաթար եւ Մահմուտ Հաուլի:
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Նուժում խումբը:
Ստորեւ` Պէյրութի շրջանի առաջին հանգրուանի արդիւնքները.
ՀՄԸՄ – Արզ 5-2
Ֆ. Ք. Պէյրութ – Սանհարիպ 1-3
Սապիլ – Աթլեթիքօ 1-7
Տինամօ Պէյրութ – Նօ Լիմիթց 1-2
Անդրանիկ – Նուժում 3-3


