Այսօր ժամը 21:45-ին Մըզհերի Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը պիտի հիւրընկալէ Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը, Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով:
Այս հանգրուանը տաք մրցումներով հարուստ է, ինչպէս տեսանք Սանթրալ – Անթունիէ (73-67) եւ աւելի ուշ Սաժես – Շանվիլ (97-89) մրցումներուն, ուր Սանթրալ անակնկալի մատնեց Անթունիէն, մինչ Շանվիլ առաջին 3 մասերուն յառաջանալէ ետք Սաժեսի վրայ, վերջին մասին պարտուեցաւ, որովհետեւ ո՛չ պաշտպանողական առումով, ո՛չ ալ յարձակողական առումով յաջողեցաւ: Շանվիլ 22 կէտ նշանակեց 32-ի դիմաց եւ չկրցաւ Պէյրութէն ետք Սաժեսին ալ յաղթել:
ՀՄԸՄ, որ իր 4-րդ յաջորդական մրցումը յաղթած էր, Ռիատիի դէմ պարտութենէն ետք ախոյեանութեան դիրքը բարելաւած է եւ կրնայ օգտուիլ Պէյրութի ոչ շատ յաջող ընթացքէն:
Պէյրութ կիրակի օր Շանվիլէն 89-97 արդիւնքով պարտուած էր եւ մրցումին 2-րդ մասէն սկսած էր ետ մնալ: Այդ օրը Շանվիլ 3 կէտերու վստահելով կրցած էր յաղթել, մանաւանդ որ ճեղքելը քիչ մը դժուար կրնայ ըլլալ Ալի Հայտարի, Ռիքի Լետոյի, Տենկ Տենկի եւ Քենեթ Քաճիի ներկայութեան:
Պէտք է ըսել, որ մեր տղաքը կանուխ պէտք է ֆաուլեր շահին այս «բարձրահասակ» մրցակիցին դէմ, որպէսզի աւելի զուսպ ձեւով պաշտպանէ, մեր տղոց առիթ տալով, որ կէտեր նշանակեն:
Ռիպաունտները շատ կարեւոր են, կէտ մը, որ երթի մրցումին հիմնական պատճառներէն էր: Երթին ՀՄԸՄ միայն վերջին վայրկեաններուն է, որ կորսնցուց մրցումը, մրցում մը, ուր Ճորտըն Սթիվընզ 59 կէտ նշանակեց, 9 յաջող 3 կէտնոց կողովներով:
Յոյսով, որ այսօր ալ տղաքը յաջող մրցում կ՛ունենան, նոյն պահուն ռիպաունտներ հաւաքելով կրնան մրցումին ղեկը բռնել:
Պէտք է ոչ միայն լաւ ձեւով յարձակիլ, այլ շատ կարեւոր է նաեւ լաւ ձեւով պաշտպանուիլ, ֆաուլերուն ուշադրութիւն ընելը եւ խելացի պասքեթպոլ խաղալը` խմբային յաջողութեան համար:
Յաղթանակի պարագային, ՀՄԸՄ մեծ քայլ մը առած կ՛ըլլայ «ֆայնըլ 4»-ի դիրք գրաւելու:
Համակիրներէն կը սպասուի 40 վայրկեան քաջալերանք` ճնշելու համար մրցակիցին վրայ եւ ոգեւորելով մեր տղաքը: Լաւ կ՛ըլլայ մեր մարզիկները անուններով քաջալերել անհատ-անհատ եւ անշուշտ ՀՄԸՄ-ը ընդհանուր առմամբ: