Վաղը կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը 2024-2025 տարեշրջանը պիտի սկսի Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան մրցումները` մրցելով Արզի դէմ:
2021-ին, Դ. դասակարգ իջնելէ ի վեր 3 անյաջող փորձերէ ետք, այս տարի աւելի լուրջ պատրաստութիւններ ունեցաւ խումբը, որ մարզիչ Վաչէ Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ պիտի փորձէ անպայման բարձրանալ Գ. դասակարգ` 4 տարուան բացակայութենէ ետք:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Պէյրութ 2019-ին ինկած էր Գ. դասակարգ, ապա տարեշրջան մը ետք Քովիտի պատճառով ախոյեանութեան յետաձգուելէն վերջ 2021-ին ինկաւ Դ. դասակարգ:
Համակիրներէն կը սպասուի դաշտ ներկայանալ` քաջալերելով տղոց, որոնք պէտք ունին ամէն տեսակ քաջալերանքի` լաւ ձեւով սկսելու համար ախոյեանութիւնը:
Առաջին հանգրուանին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները (վաղը).
ՀՄԸՄ – Արզ, ժամը 11:00-ին, Անսարի դաշտ
Պէյրութ Ֆ. Ք. – Սանհարիպ, ժամը 12:00-ին, Նըժմէի դաշտ
Նուժում – Անդրանիկ, ժամը 14:00-ին, Նըժմէի դաշտ
Նօ Լիմից – Տինամօ Պէյրութ, ժամը 14:00-ին, Անսարի դաշտ
Աթլեթիքօ – Սապիլ, ժամը 16:00-ին, Անսարի դաշտ