Իտալիոյ ախոյեանութեան տիտղոսը ըստ երեւոյթին վերջին հանգրուաններուն պիտի վճռուի: Ինթեր Միլան ապրիլի սկիզբը 6 կէտի առաւելութիւն ունէր Նափոլիի վրայ, բայց այժմ 3 կէտով ետ կը մնայ շարք մը ձախող ելոյթներէ ետք, ուր «Չեմփիընզ լիկ»-ի, Իտալիոյ բաժակի եւ «Սերի Ա.»-ի համար պայքարիլը քիչ մը դժուարացուց մարզիչ Ինցակիի գործը` մանաւանդ վիրաւորներ ունենալով:
Շաբաթավերջին տեղի ունեցան 35-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց ընթացքին Նափոլի եւ Ինթեր 1-0 արդիւնքով յաղթանակներ արձանագրեցին յաջորդաբար Լեչէի եւ Վերոնայի վրայ:
Նափոլիի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ իր կարելին պիտի ընէ պահելու համար խումբին առաւելութիւնը եւ մնացեալ 3 մրցումներէն 2-ը իր դաշտին վրայ պիտի կատարէ Ճենովայի եւ Քալիարիի դէմ, մինչ Փարմայի դաշտին վրայ ալ ունի մրցում մը` 37-րդ հանգրուանին:
Ինթերի գործը աւելի դժուար է` մեկնելով Թորինոյի եւ Քոմոյի դաշտերը, ուր միայն մէկ մրցում կայ Լացիօ Ռոմայի դէմ, իր դաշտին վրայ, ինչպէս նաեւ Ինթեր վաղը «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով մրցում ունի Պարսելոնայի դէմ: