Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Դուրս Մնաց, Քլիփըրզ Պահեց Իր Յոյսերը

Մայիս 3, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի մրցումները կը մօտենան իրենց վերջին հանգրուաններուն: Անոնցմէ դուրս մնաց Լոս Անճելըս Լէյքըրզ` 4-րդ պարտութիւնը կրելով Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզէն:

Արդարեւ, Լէյքըրզի «Քրիսթօ տաթ քոմ Արենա» մարզադաշտին մէջ, 19 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Լէյքըրզ, որ սմոլ պոլ կը խաղար, պէտք էր օգտուէր Մինեսոթայի համեմատաբար տկար ելոյթէն- բայց ֆրանսացի սենթըր Ռուտի Կոպեր գրեթէ առանձին պայքարեցաւ` ձեռք ձգելով իր ասպարէզի առաւելագոյն կէտերը` 27 կէտ նշանակելով եւ ձեռք ձգելով 24 ռիպաունտ, մինչ Ճուլիըս Ռենտըլ 23 կէտ աւելցուց ի նպաստ Թիմպըրվուլվզի, որ հանգիստի բաւական ժամանակ ունի` Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտականի իր մրցակիցը գիտնալու:

Հիւսթըն Ռոքեթց կրցաւ իր 5-րդ ճակատումին յաղթել Քալիֆորնիոյ խումբերէն Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին (131-116), որ սակայն 3-2 արդիւնքով կը յաղթէ:

Երէկ, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 111-105 արդիւնքով յաղթեց 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթցին եւ պարտադրեց 7-րդ վճռական մրցում մը, երբ ճակատումները հասան 3-3 արդիւնքի:

Ճէյմս Հարտըն (28 կէտ եւ 8 էսիսթ) եւ Քուայ Լենըրտ (27 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) իրենց լաւ օրերուն մէջ են եւ պէտք է տան իրենց լաւագոյնը վերջին վճռական մրցումին` Տենվըրի մէջ: Նիքոլա Եոքիչ 25 կէտ նշանակեց եւ բաւարար օգնութիւն չստացաւ իր խմբակիցներէն, հակառակ անոր որ մրցումին սկիզբը անոնք 7 կէտի առաւելութիւն ունէին:

Նիւ Եորքի Նիքսի աստղ Ճէյլըն Պրանսընի 3 կէտնոց կողովը օգնեց իր խումբը, որ յաղթէ Տիթրոյիթի մէջ տեղւոյն Փիսթընզին` 116-113 արդիւնքով: Պրանսըն 40 կէտով աւարտեց մրցումը:

Արեւելեան շրջանի կիսաւարտականին հասնող խումբերը յստակացան, ուր առաջին 4 դասուած խումբերը հասան առանց անակնկալներու:

Թիւ 1 դասուած Քլիվլենտ Քեվելիրզ պիտի մրցի Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ (թիւ 4), մինչ անցեալ տարուան ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս (թիւ 2) պիտի մրցի Նիւ Եորք Նիքսի (թիւ 3) դէմ:

Արեւմտեան շրջանի թիւ 1 դասուած խումբը կը սպասէ Տենվըր – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ մրցումին յաղթականին, մինչ Մինեսոթա (թիւ 6) կը սպասէ Կոլտըն Սթէյթ – Հիուսթըն մրցումին յաղթականին:

 

Նախորդը

«Ֆորմիւլա 1». «Մաքլարեն» Պիտի Շարունակէ՞ Փայլիլ

Յաջորդը

Չեմփիընզ Լիկ. Պարսելոնա Չկրցաւ Յաղթել Ինթերին Գեղեցիկ Մրցումէ Մը Ետք

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?