«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ անցեալ տարուան ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս պարտութեան մատնելէ ետք Օրլանտօ Մեճիքը 120-89 արդիւնքով խլեց 4-րդ յաղթանակը եւ հասաւ Արեւելեան շրջանի կիսաւարտական, ուր կը սպասէ Նիւ Եորք Նիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ (3-2) ճակատումի վերջնական յաղթականին:
Երէկ Տիթրոյիթ 103-106 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Եորքի` այս վերջինիս Մետիսըն Սքուեր Կարտընին մէջ: Նիւ Եորք մէկ յաղթանակի պէտք ունի` հասնելու կիսաւարտական:
Արեւելեան շրջանի կիսաւարտական հասաւ նաեւ Ինտիանա Փէյսըրզ, որ պէտք ունեցաւ երկարաձգման` յաղթելու համար Միլուոքի Պաքսին, 119-118 արդիւնքով, ճակատումներու 5-րդ մրցումին:
4-րդ դասուած Ինտիանա պիտի մրցի թիւ 1 դասուած Քլիվլենտ Քեվելիրզի դէմ:
Արեւմտեան շրջանի մրցումներուն, 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթց կրցաւ 5-րդ մրցումին յաղթել Լոս Անճելըս Քլիփըրզին 131-115 արդիւնքով եւ յառաջանալ 3-2 ճակատումներու արդիւնքով:
Ճամալ Մարէյ 43 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տենվըրի, որ 2-1 արդիւնքով ետ կը մնար 3-րդ ճակատումէն ետք: Նշենք, որ այս ճակատումի վերջնական յաղթականը պիտի մրցի Արեւմտեան շրջանի թիւ 1 դասուած Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի դէմ: