30 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Պարսելոնա եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ:
Սկզբունքով, նախքան անոնց աւարտական հանգրուան հասնիլը, Ռէալ Մատրիտ ուզած էր, որ «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտը ըլլայ «Քոփա Տել Ռեյես» բաժակի մրցաշարքին աւարտական մրցումը հիւրընկալողը:
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը տարեշրջանին սկիզբը համաձայն գտնուած էր ատոր:
Սակայն այժմ, նկատի ունենալով, որ աւարտականին իրարու դէմ պիտի ճակատին Պարսելոնա եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ, Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես յայտարարեց, որ չ՛ուզեր այդ մրցումը արքայական ակումբին դաշտին վրայ հիւրընկալել:
Հետեւաբար, այս իրողութենէն մեկնելով որոշուեցաւ, որ աւարտական այդ մրցումը տեղի ունենայ Պարսելոնայի դաշտին` «Նու Քամփ»-ի մէջ: