Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, 18-29 ապրիլին Ծաղկաձորի մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 10 երկիրներու ազգային հաւաքականները:
Ըստ գրաւի գրասենեակներուն, ախոյեան հանդիսանալու լաւագոյն առիթը ունի Ռուսիա, մինչ Հայաստանի հաւաքականը կը յայտնուի 4-րդ դիրքին վրայ:
Ըստ ArmSport.am-ի, այդ տասը խումբերը ախոյեանութեան աւարտին յաջորդաբար մէկէն մինչեւ տասը պիտի գրաւեն հետեւեալ դիրքերը` Ռուսիա, Չինաստան, Ուքրանիա, Հայաստան, Միացեալ Նահանգներ, Իսրայէլ, Հունգարիա, Հնդկաստան, Քուպա եւ Եգիպտոս: