Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի դարձին իր կատարած երկրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ արձանագրեց յաղթանակ մը` յաջորդական չորս պարտութիւն կրելէ ետք:
ՀՄԸՄ, որ հիւրն էր Պիպլոսին, կէտի մը տարբերութեամբ 80-79 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պիպլոսի դէմ, վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 24-21, 47-41, 66-60 եւ 79-80:
Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ ձեւով (փակագիծերուն մէջ` անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակը եւ նշանակած կէտը).
Տիոն Տիքսըն (40′ 00″, 26 կէտ, 5 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (33′ 36″, 6 կէտ, 3 ռիպաունտ), Մայքըլ Ֆրէյզըր (40′ 00″, 18 կէտ, 12 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (11′ 32″), Ճիմի Սալեմ (34′ 51″, 13 կէտ, 5 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (40′ 00″, 17 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Պիպլոսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճեսմընտ Եանկպլատ (34′ 51″, 19 կէտ), ապա` Մոհամետ Իպրահիմ (29′ 29″, 18 կէտ) եւ Ուիլիըմ Ֆարես (27′ 29″, 18 կէտ):
Օրուան իրաւարարներն էին Ատել Խուէյրի, Ֆաուզի Աշքութի եւ Ռապիհ Մասրի:
ՀՄԸՄ դարձի իր վերջին մրցումը կը կատարէ ուրբաթ, 27 մարտին, երեկոյեան ժամը 17:50-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Մութթահետը:
Նշենք, որ Ղազիրի դաշտին վրայ երէկ գիշեր տեղի ունեցած Սաժես – Թատամոն մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 93-83 արդիւնքով: