Կազմակերպութեամբ «Ժըպրան Թուէյնի» հաստատութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին «Վի. Քլապ» ակումբին մէջ (Անթիլիաս) աւարտեցաւ Ժըպրան Թուէյնիի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար առաջին անգամ ըլլալով:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ութ վարժարաններ, որոնց կարգին` Մոն լա Սալ, Անթունիէ, Շանվիլ եւ ուրիշներ:
Տիտղոսին տիրացաւ Շանվիլ, որ աւարտականին 65-54 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ինթըրնեշընըլ քոլեճը:
Աւարտին մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար եւ կազմակերպիչ հաստատութեան նախագահ Միշել Թուէյնի: