Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, յառաջիկայ շաբաթավերջին Սպանիա պիտի մրցի Ուքրանիոյ դէմ:
Նկատի ունենալով, որ Չելսիի յառաջապահ Տիեկօ Քոսթա վիրաւորուեցաւ, Սպանիոյ մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէ անոր փոխարէն ազգային հաւաքական հրաւիրեց Մալակայի յառաջապահ Խուանմին:
21 տարեկան Խուանմի կը նկատուի սպանական ֆութպոլի ծագող աստղերէն մէկը: Ան 2010-ին, երբ 16 տարեկան էր, իր նորամուտը նշեց Մալակայի հետ: Այս տարեշրջանին ան 24 մրցումի ընթացքին նշանակեց 7 կոլ:
Ըստ ՄԱՐՔԱ»-ի, այժմ Խուանմին կը համեմատեն Ռէալ Մատրիտի նախկին ֆութպոլիստ Ռաուլ Կոնզալեսին հետ: