Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել կիրակի, 29 մարտին Ալպանիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (Եուրօ-2016-ի զտումի մրցաշարք):
Թէեւ ան հաւաքական հրաւիրուած 24 ֆութպոլիստներուն մէջ էր, սակայն ամբողջութեամբ չապաքինելուն պատճառով պիտի չկարենայ մասնակցիլ այդ մրցումին: