
Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ի եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, լիբանանեան ընկերութիւններու պասքեթպոլի մրցաշարքը արդէն իսկ հասած է իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ «Պլոմ» եւ «Աուտէ» դրամատուները ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը` իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ:
«Պլոմ» յաղթեց «Այ. Փի. Թի.»-ի (69-47), իսկ «Աուտէ» դրամատունը` Տար Հանտասայի (70-68):
Աւարտական այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 26 մարտին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ: Անոր պիտի յաջորդէ մրցանակաբաշխութիւնը:
Իսկ 3-րդ դիրքի մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, միեւնոյն ժամուն եւ նոյն վայրին մէջ, կիսաւարտականին պարտութիւն կրելիք վերեւ նշուած խումբերուն միջեւ: