29 մարտին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ մրցում մը ունի կատարելիք Ալպանիոյ դէմ:
ArmSport.am կ՛աւելցնէ, որ թէեւ անոնց միջեւ այս ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Ալպասան քաղաքին մէջ, սակայն երկու կազմերն ալ վերոնշեալ քաղաքին մէջ հանգրուան պիտի չհաստատեն:
80 հազար բնակչութիւն ունեցող Ալպասան բարձր դասակարգի պանդոկներ չունի: Բայց եւ այնպէս, ներկայ դրութեամբ Ալպանիոյ մէջ միայն այս քաղաքին մարզադաշտն է, որ կը համապատասխանէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պահանջներուն:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի հաստատուի Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ, ուրկէ մինչեւ Ալպասան ճամբուն երկարութիւնը 45 քմ է:
Իսկ Ալպանիոյ հաւաքականը արդէն իսկ հաստատուած է Տուրեսի մէջ, որ 85 քմ հեռու է Ալպասանէն:
Հայրենի կազմը, որ 27 մարտին պիտի մեկնի Ալպանիա, իր մրցումը պիտի կատարէ 29 մարտին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 20:00-ին: