Չելսիի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կը փափաքի ապագային Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը ըլլալ:
«Փափաքս է, որ Փորթուգալի մարզիչը ըլլամ, Եւրոպայի կամ աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին: Սակայն եթէ պատահեցաւ, որ ատիկա չկատարուի, ինծի համար ողբերգութիւն մը պիտի չըլլայ: Մտադիր եմ մարզիչի իմ ասպարէզս 15-20 տարի ալ շարունակել, որովհետեւ հաճոյք կը ստանամ իմ աշխատանքէս», ըսած է փորթուգալցի մասնագէտը` Abola.pt կայքին հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին: