Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես խումբը նոր մարզիկներով օժտելու համար միշտ ալ հսկայական գումարներ կը ծախսէ:
Ան երկու անգամ եղած է արքայական ակումբին նախագահը եւ աշխատած եօթը տարբեր մարզիչներու հետ:
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Մարքա» կը հաղորդէ, որ 1999-էն մինչեւ 2014-2015 տարեշրջան ան այդ 7 մարզիչներուն տրամադրութեան տակ դրած է 800 միլիոն եւրօ, ինչ որ կը նկատուի բաւական հսկայական գումար մը: