Երէկ երեկոյեան, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 13-րդ ախոյեանութիւնը, որմէ անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Թէեւ Լիբանան երէկ մրցում չունէր կատարելիք, բայց սպասեց մրցաշարքին աւարտին` ստանալու համար ախոյեանութեան իր տիտղոսը:
Լիբանանցի մարզիկները եւ մեծ թիւով համակիրներ տօնական մթնոլորտի մէջ ստանձնեցին այդ տիտղոսը:
Նշենք, որ Լիբանանի պասքեթպոլի պատուիրակութիւնը այսօր` չորեքշաբթի, 3 յունիսին, առաւօտեան ժամը 11:15-ին, կը հասնի Պէյրութի միջազգային օդակայան: