Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան, երէկ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը:
Լիբանան, որ առաջին մրցումին յաղթած էր Իրաքի, նախանցեալ օր յաղթեց Յորդանանի (92-74), իսկ երէկ` Սուրիոյ (76-59):
Նշենք, որ իր արձանագրած երրորդ յաղթանակին շնորհիւ Լիբանան, որ այսօր իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Պաղեստինի դէմ, արդէն իսկ ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը: