Հայաստանի Հանրապետութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան ներկայ գտնուեցաւ «Միքա» մարզահամալիրին մէջ կազմակերպուած եւ աւանդութիւն դարձած «Ողիմպիականները մեր շարքերուն մէջ են» նշանաբանով մարզական նախաձեռնութեան, նուիրուած` երեխաներու պաշտպանութեան օրուան, յայտնեց նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Այս նախաձեռնութիւնը կազմակերպուեցաւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին հովանաւորութեամբ, «Ողիմպիական համերաշխութիւն» ծրագիրի շրջանակներուն մէջ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Մայրաքաղաքի 12 վարչական շրջաններու 23 նախադպրոցական ուսումնական հաստատութիւններուն մանուկները իրարու դէմ մրցեցան 5 մրցաձեւերու մէջ:
Ձեռնարկին աւարտին անոնք ստացան տարբեր տեսակի նուէրներ:
Նշենք, որ այս նախաձեռնութեան ներկայ գտնուեցան եւ գեղեցիկ ելոյթներով հանդէս եկան գեղարուեստական մարմնամարզիկներ, պարի մանկական համոյթի սաներ: