Գերմանական անուանի ֆութպոլի ակումբներէն Համպուրկ, որ երբեք «Պունտըսլիկա»-էն զատ այլ դասակարգի մաս չէ կազմած, յաջողեցաւ բաւական մեծ դժուարութեամբ մնալ հոն, երբ Քարլսրուհէի դէմ (Ա. դասակարգ) իր կատարած փլէյ-օֆի դարձի մրցումին, իր դաշտէն դուրս 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Երկու խումբերուն միջեւ երթի մրցումը աւարտած էր 1-1 հաւասարութեամբ:
Դարձի այս մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 հաւասարութեամբ:
Երկարաձգման ընթացքին Միւլըր նշանակեց Համպուրկի յաղթանակի կոլը (115-րդ), ինչ որ մեծապէս նպաստեց անոր կազմին, որ Ա. դասակարգ չփոխադրուի:
Նշենք, որ 120-րդ վայրկեանին Համպուրկի բերդապահը զսպեց փենալթի մը: