Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի 13-րդ ախոյեանութեան, երէկ արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, այս անգամ` 79-88 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պաղեստինը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանան հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան` 4-րդ անգամ ըլլալով:
Լիբանանի հետ Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ Իրաք եւ Յորդանան:
Նշենք, որ մրցումները կ՛աւարտին այսօր (Լիբանան մրցում չունի կատարելիք), որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը եւ Լիբանան կը ստանայ իր տիտղոսը: