Իր լուրը քաղելով Պուլկարիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Պուլկարիոյ ամէնէն աւելի տիտղոսակիր ակումբը նկատուող Սոֆիայի Բանակայինները արհեստավարժ արտօնագիր չեն ստացած:
Արտօնագիր չստացաւ նաեւ մայրաքաղաքի կազմը` Լոքոմոթիւ:
Երկու ակումբներն ալ փորձեցին բողոքել այդ որոշումին դէմ, սակայն անոնց բողոքը չընդունուեցաւ:
Այսպիսով, նկատի ունենալով, որ վերոնշեալ երկու ակումբները արհեստավարժ արտօնագիր չստացան, տեղափոխուեցան ոչ արհեստավարժ դասակարգ:
Նշենք, որ Սոֆիայի Բանակայինները 31 անգամ հանդիսացած են Պուլկարիոյ ախոյեան: