Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ պատրաստ է հեռանալու իր այժմու ակումբէն, կը յայտնէ «Տոն Պալոն» կայքը:
Կը հաղորդուի, որ ան քիչ մը դժգոհ եղած է այն պատճառով, որ ակումբին նախագահը Ֆլորենթինօ Փերես, պաշտօնանկ ըրած է մարզիչ Քարլօ Անչելոթթին:
Բացի ատկէ, ան քիչ մըն ալ կը նախանձի, որ Փերես աւելի կը վստահի Կալեսցի միջնապահ Կերըթ Պէյլի:
Նշենք, որ Ռոնալտօ այդքան ալ մտադիր չէ աշխատելու յաջորդ մարզիչին` Ռաֆայէլ Պենիթեսի հետ:
Կը խօսուի նաեւ, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն պատրաստ է փորթուգալցին իր կազմին միացնելու եւ անոր հրաժարագինը վճարելու մատրիտեան ակումբին: