ՖԻՏԷ-ն հրապարակեց աշխարհի առաջին 100 ճատրակ խաղացողներուն նոր դասաւորումը, որուն մէջ վերջին տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանէն 3 ներկայացուցիչներ կան:
Լեւոն Արոնեան (2780) երկու դիրքի ոստում մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 8-րդ դիրքը:
Գաբրիէլ Սարգիսեան (2673) կը գտնուի 68-րդ դիրքին վրայ, մինչ Սերկէյ Մովսիսեան (2655)` 91-րդ դիրքին վրայ:
Նշենք, որ պարագլուխի դիրքը կը շարունակէ գրաւել աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (2876):