Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի երիտասարդներու (1997-1998-ի ծնունդ) հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը` 2005-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով, մեծ հետաքրքրութեամբ:
Անոր ազդանշանը տրուեցաւ Թապարժայէն` դէպի Թրիփոլի, ապա վերադարձ` դէպի «Քազինօ Տիւ Լիպան»:
Նախքան մրցումին ազդանշանին տրուիլը, անոր մասնակցողները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին յիշատակը ողիմպիականի լիբանանցի ախոյեան Արմէն Արսլանեանի, որ հիւանդութեան դէմ պայքարելէ ետք նախորդ շաբաթ մահացաւ Պելճիքայի մէջ:
Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
1- Մըքարրամ Մաթթա (Աթլեթիքօ Պէյրութ) 3 ժամ 14′ 48″
2.- Եուսեֆ Մըրատ (Շեպիպեթ Սալաաթա) (նոյն արդիւնքը)
3.- Բեկոր Եագուպեան (ՀՄԸՄ Այնճար) 3 ժամ 19′ 25″
4.- Ռոյ Ռուքոզ (Աթլեթիքօ Պէյրութ) 3 ժամ 19′ 30″
5.- Էմիլ Տաու (Շեպիպեթ Սալաաթա) 3 ժամ 24′ 15″
6.- Յակոբ Մաթոյեան (ՀՄԸՄ Այնճար) 3 ժամ 31′ 50″
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ձեռամբ` Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներու: