Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն 50 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկեց Ալպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը` նկատի ունենալով, որ անոր համակիրները Հայաստանի դէմ տեղի ունեցած Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ընթացքին գտնուելով անկարգապահ, ցեղապաշտական բնոյթի արտայայտութիւններ ունեցած էին եւ դաշտ նետած պայթուցիկ նիւթեր:
Ալպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը սահմանուած տուգանքին դէմ ոչինչ ըսաւ, բայց շեշտեց այն, որ համակիրներուն կատարած այդ արարքը վնաս կը հասցնէ ֆութպոլին եւ ֆետերասիոնին շահերուն: