Պայմանաւորուած հանդիպումներու դէմ պայքարող «Ֆետերպեթ» միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Ֆրանչեսքօ Պարանքա կը հաղորդէ, որ իտալական Լացիօ Ռոմա կրնայ զրկուիլ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին (ինչպէս նաեւ «Եուրոփա լիկ»-ին) մասնակցելու իրաւունքէն:
Կը կարծուի եւ կասկածներ կան, որ հռոմէացիները եւ Ճենովան 2011-ին պայմանաւորուած հանդիպում կատարած են:
Այս մասին կը տեղեկացնէ «Թի. Էմ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ»-ն:
Սակայն իտալական ակումբը կը յայտնէ, որ ատիկա միայն Պարանքայի անձնական կարծիքն է եւ թէ ան ոչ մէկ փաստ կրնայ գտնել, իր այս լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:


