Մարզական

Հայ Ժիւտոյիստները Մեկնեցան Պաքու

Երէկ առաւօտուն, Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականը մարզիչներու ընկերակցութեամբ մեկնեցաւ Թիֆլիս, ապա` Պաքու, մասնակցելու համար եւրոպական առաջին խաղերուն, յայտնեց Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը` Դաւիթ Խիթարեան ArmSport.am յայտնեց, որ այդ պատուիրակութեան մէջ են մարզիկներ Յովհաննէս Դաւթեան, Դաւիթ Նիկողոսեան եւ Ժաննա Սթանքեւիչ: Գլխաւոր մարզիչն է Տիգրան Բաբայեան, իսկ պատուիրակութեան նախագահը` Դաւիթ Խիթարեան: Նշենք, որ ժիւտոյի մրցումները կը սկսին 25 յունիսին:  

Ռիվալտօ Պիտի Վերսկսի Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին

Պրազիլցի ֆութպոլի անցեալի աստղ Ռիվալտօ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ պիտի վերսկսի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: 43 տարեկան Ռիվալտօ հանդէս պիտի գայ Պրազիլի Բ. դասակարգի կազմերէն Մոկի Միրիմ խումբին հետ, որուն նախագահը կը նկատուի ան,  կը յայտնէ ArmSport.am: «Երկար քննարկումներէ ետք, որոշեցի վերսկսիլ ֆութպոլի մրցումներուն: 15 ամիս առաջ էր, որ աւարտեցի ասպարէզս, ուրեմն կրնամ եւ պատրաստ եմ մրցումներ կատարելու,...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Ռազմիկ Միսաքեան Կը Գօտեմարտի Ոսկի Մետալի Համար

Պոլսոյ մէջ սկսած Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, 72 ըմբիշներ պիտի փորձեն մետալներու տիրանալ 50, 60, 74 եւ 96 քկ դասակարգերուն մէջ, կը յայտնէ ArmSport.am: Հայաստանը կը ներկայացնեն 4 ըմբիշներ, որոնք հանդէս պիտի գան այս մարզաձեւին մէջ` Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Աւետիք Վարդանեանի ղեկավարութեամբ: Երէկ աւելի յաջող էր 50 քկ դասակարգին մէջ հանդէս եկող Ռազմիկ Միսաքեանի ելոյթը: Վիճակահանութեան...

Ըստ «Տէյլի Մէյլ»-ի . Փիթըր Չեխ Միացաւ Արսենալի

Անգլիոյ ֆութպոլի ամէնէն շատ սպասուած փոխանցումներէն մէկը այնպէս կը թուի, որ ի վերջոյ կատարուեցաւ, որովհետեւ Չելսիի բերդապահ Փիթըր Չեխ իր ակումբը լքելով միացաւ Արսենալի, կը յայտնէ «Տէյլի Մէյլ»: 33 տարեկան բերդապահին համար Արսենալ վճարեց 11 միլիոն փաունտ: Փիթըր Չեխ, որ 2004-էն ի վեր մաս կը կազմէ Չելսիի եւ միշտ եղած է խումբին հիմնական բերդապահը, նախորդ տարեշրջանին միայն իր դիրքը զիջեցաւ...

Ռելի.  Կարօ Յարութիւնեան Ուրբաթ, 26 Յունիսին Կը Մեկնի Հայաստան

Ռելի. Կարօ Յարութիւնեան Ուրբաթ, 26 Յունիսին Կը Մեկնի Հայաստան

Հայաստանի վարորդներու ակումբին («STR») յատուկ հրաւէրով, ուրբաթ, 26 յունիսին, լիբանանահայ փորձառու վարորդ Կարօ Յարութիւնեան կը մեկնի Հայաստան, ուր հոն պիտի մեծարուի հիւրընկալ ակումբին կողմէ` յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին: Յարութիւնեան տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու, ըլլան անոնք տեղական կամ միջազգային իմաստով: Նշենք, որ Յարութիւնեան պատուոյ հիւրը պիտի ըլլայ կիրակի, 5 յուլիսին, Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք տրիֆթի մրցումին:  

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Ապտօ Ֆըղալի Եւ Շարպել Ղանեմ Առաջին` «Սփիտ Թեսթ»-ի Մրցումին

PROFOTO Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին Քֆարզեպիանի մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիտ-Թեսթ»-ի արագութեան առաջին մրցումը` մասնակցութեամբ 39 ինքնաշարժներու եւ մեծ թիւով հանդիսատեսներու: Արհեստավարժներու մրցումի առաջին դիրքը գրաւեց Ապտօ Ֆըղալի, որ արձանագրեց 1'51''49 արդիւնք մը: Ինչ կը վերաբերի ոչ արհեստավարժներու մրցումին, առաջին դիրքը գրաւեց Շարպել Ղանեմ` արձանագրելով 2'01''98 արդիւնք մը: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:  

Եւրոպական Խաղեր. Պաքու. Աշոտ Դանիէլեան Չյաջողեցաւ Պրոնզէ Մետալին Տիրանալ

Աշոտ Դանիէլեան Պաքուի մէջ կը շարունակուին եւրոպական առաջին մարզական խաղերը: Երէկ` սամպոյի մրցումներուն, պրոնզէ մետալի տիրանալու առիթը ունէին Հայաստանը ներկայացնող երեք մարզիկներ: Անոնք են` Տիգրան Կիրակոսեան (57 քկ), Սօսէ Բալասանեան (52 քկ) եւ Աշոտ Դանիէլեան (90 քկ): Դանիէլեան, որ ճակատեցաւ Ռատիսլաւ Մաթուքասի դէմ (Լաթվիա), 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով չկրցաւ տիրանալ պրոնզ մետալին:

Հեծելարշաւ. Ժամացոյցի Դէմ Մրցումի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն.  Գէորգ Ալթունեան` Լիբանանի Փոխախոյեան. Յակոբ Մաթոյեան Կրտսերներու 3-րդ Դիրքը Գրաւեց

Հեծելարշաւ. Ժամացոյցի Դէմ Մրցումի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Գէորգ Ալթունեան` Լիբանանի Փոխախոյեան. Յակոբ Մաթոյեան Կրտսերներու 3-րդ Դիրքը Գրաւեց

Բոլոր մրցանակակիրները Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի կրտսերներու (1997-1998-ի ծնունդ) ախոյեանութեան ժամացոյցի դէմ մրցումը եւ Լիբանանի 2015-ի մեծերու մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 16 հեծելանւորդներու, որոնք մաս կը կազմէին ֆետերասիոնին անդամագրուած 7 միութիւններու, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերուն: Երիտասարդներու մրցումին (24.6 քմ), որ տեղի ունեցաւ Քարանթինայի շրջանին մէջ, յաջորդաբար առաջին եւ երկրորդ դիրքերը գրաւեցին Եուսեֆ Մրատ եւ Մաքրամ...

Ոչ Եւս Է Լեւիկ Յարութիւնեան

Նախորդ շաբաթավերջին իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am կայքը հաղորդեց, որ նախորդ շաբաթավերջին մահացաւ Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին անփոփոխ փոխնախագահը` Լեւիկ Յարութիւնեան: Ան 1970-ականներուն բազմիցս ճանչցուած է իբրեւ երկրին ախոյեան, իսկ 1978-ին դարձած է նախկին Խորհրդային Միութեան ախոյեան (խմբային հաշիւով): Ան 1986-ին հիմնած է Ծաղկաձորի լեռնադահոյկի մանկապատանեկան մարզադպրոցը եւ մինչեւ իր մահանալը անոր տնօրէնն էր: Իսկ 1990-ականներուն Յարութիւնեան Ապարանի մէջ ստեղծած...

Ֆութսալ. Այսօր` Դրամատուներու Աւարտական Մրցումը

Լիբանանի դրամատուներու ֆութսալի մրցաշարքը այսօր` երեքշաբթի, 23 յունիսին կը հասնի իր աւարտին, երբ երեկոյեան ժամը: 21:00-ին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` Պէյրութի եւ «Աուտէ» դրամատուներուն միջեւ: Նշենք, որ այս մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ (Մաթհաֆ), իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 դրամատուներ: Նշենք, որ ըստ այս մրցաշարքին օրէնքին, իրենց մասնակցութիւնը չեն կրնար բերել...

«Չեմփիընզ Լիկ» Եւ «Եուրոփա-Լիկ». Զտումի Ա. Հանգրուանի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Երէկ, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եուրոփա-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն 2015-2016 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի, ինչպէս նաեւ Բ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի մրցումներուն Ա. հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ֆոլկորէն (Սան Մարինօ): Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 30 յունիսէն 1 յուլիս, իսկ դարձի մրցումները` 7-8 յուլիսին: Ինչ կը վերաբերի «Եուրոփա լիկ»-ին, Շիրակի մրցակիցն...

Ժիւտօ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Կիպրոս

Երէկ յետմիջօրէին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Լառնաքա (Կիպրոս) մեկնեցաւ Լիբանանի ժիւտոյի 35 անձերէ բաղկացած պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 7-15 տարեկան փոքրերու միջազգային մրցաշարքի մը: Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէ:

«Քոփա Ամերիքա». Պրազիլ – Վենեզուելա` 2-1. Քոլոմպիա – Փերու` 0-0

Թիակօ Սիլվա Չիլիի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի ճակատումները աւարտեցան, երբ Գ. խմբակին մէջ կատարուեցան վերջին երկու մրցումները: Պրազիլ, որ ճակատեցաւ Վենեզուելայի դէմ, գրաւեց խմբակին առաջին դիրքը` 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով: Թիակօ Սիլվա (9-րդ) եւ Ռոպերթօ Ֆիրմինօ (51-րդ) նշանակեցին Պրազիլի կոլերը, իսկ Միքու` Վենեզուելայի կոլը (84-րդ): Ինչ կը վերաբերի նոյն խմբակին մէջ տեղի ունեցած Քոլոմպիա-Փերու...

Պարսելոնայի Նախագահ Ընտրուելու Պարագային. Լափորթա Մարզաշապիկին Վրայէն Պիտի Հանէ «Քաթար Էրուէյզ» Գրութիւնը

Քաթալոնական Պարսելոնայի նախագահի թեկնածու Խուան Լափորթա նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին խոստացաւ նախագահ ընտրուելու պարագային ակումբին մարզաշապիկին վրայէն հանել «Քաթար Էրուէյզ» գրութիւնը: «Յոյս ունիմ, որ այդ օրը մարդիկ իսկական ընտրութիւն կատարեն: Պիտի փորձեմ պահել Պարսելոնայի աւանդութիւնները: Պարսելոնա եկամուտ ստանալու բազմաթիւ տարբերակներ ունի նաեւ, առանց մարզաշապիկի վրայի գրութեան: Ատիկա ակումբին արժէքներուն հարցն է եւ կ՛ուզեմ փրկել զանոնք», Լափորթայի խօսքերը...

Սերճիօ Ռամոս Որոշեց Հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն

«ԱՍ» պարբերաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս կ՛ուզէ այս ամրան ընթացքին, նախքան մարզիկներու փոխանցումներուն աւարտիլը, հեռանալ իր ակումբէն եւ նոր կազմի մը միանալ: 29 տարեկան Ռամոս կը յայտնէ, որ դժգոհ է ակումբին պատասխանատուներէն եւ անոնց վարած քաղաքականութենէն: Անոր կարծիքով, Ռէալի մէջ բաւականաչափ չեն գնահատեր զինք, հետեւաբար, ասկէ մեկնելով, ան չ՛ուզեր ենթարկուիլ Վիչենթէ Տել Պոսքէի, Ֆերնանտօ Հիերոյի ու Ռաուլ Կոնզալեսի...

Իտալիոյ Գերբաժակի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Եուվենթուս – Լացիօ Ռոմա Մրցումը` Չինաստանի Մէջ

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, Tuttosport.com կայքը կը յայտնէ, որ Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Չինաստանի մէջ գտնուող Շանկհայ մարզադաշտին վրայ, որ կրնայ հիւրընկալել 60 հազար հանդիսատես: 8 օգոստոսին տեղի ունենալիք այս մրցումին իրարու դէմ պիտի ճակատին Եուվենթուս եւ Լացիօ Ռոմա: Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանի մրցումը տեղի ունեցած էր Քաթարի մէջ` նախորդ դեկտեմբերին, կը յայտնէ ArmSport.am:...

Փինկ Փոնկ. Լիբանան Ունեցաւ Միջազգային Եօթը Նոր Իրաւարարներ

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ լիբանանցի եօթը իրաւարարներ իրաւարարի քննութիւններուն վերջին հանգրուանը յաջողութեամբ աւարտելով ստացան միջազգային իրաւարարի կոչում` արժանանալով ճերմակ կարգի վկայագիր: Այդ եօթը նոր իրաւարարներն են` Մայք Թարապայ, Սարա Ժապեր, Ղատիր Սպէյթի, Մորիս Էլիաս, Ռոյ Աքիքի, Ռապիհ Ժըրժես եւ Էլի Ռահպանի: Անոնք իրենց այս կոչումը ստացան Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ...

Արթուր Գէորգեան. «Պաքուն Չի Կրնար Պահել Արդար Խաղի Օրէնքները»

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Գէորգեան իր կարծիքը յայտնեց Պաքուի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական խաղերուն կռփամարտի մրցումներուն գծով: Ըստ ArmSport.am-ի Արթուր Գէորգեան ըսած է հետեւեալը. «Պաքուն, ինչպէս միշտ չի կրնար պահել արդար խաղի օրէնքները: Իրաւարարները ոչ մէկ ձեւով կէտեր կու տան մեր կռփամարտիկներուն: Սամուէլ Բարսեղեան, ունենալով բացարձակ առաւելութիւն բոլոր` երեք ռաունտերուն, կը պարտուի 3-0 արդիւնքով: «Պաքուն, անկախ անկէ, թէ ո՛վ...

«Քոփա Ամերիքա».  Չիլի Գրաւեց Ա. Խմբակին  Պարագլուխի Դիրքը

«Քոփա Ամերիքա». Չիլի Գրաւեց Ա. Խմբակին Պարագլուխի Դիրքը

Չիլիի յաղթական մարզիկները Չիլիի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ 44-րդ անգամ ըլլալով, հիւրընկալ երկիրը 5-0 արդիւնքով ջախջախեց իր մրցակիցը` Պոլիվիան եւ Ա. հանգրուանի մրցումները աւարտեց գրաւելով Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը: Հակառակ իր կրած այս պարտութեան Պոլիվիա գրաւեց 2-րդ դիրքը: Չարլզ Արանկուիզ (3-րդ եւ 66-րդ), Ալեքսիս Սանչեզ (37-րդ), Կերի Մետել (80-րդ) եւ Ռոնալտ Ռալտես (86-րդ` սխալմամբ...

Եւրոպական Խաղեր. Պաքու. Նարեկ Աբգարեան Յաղթեց Հունգարացի Իր Մրցակիցին

Նարեկ Աբգարեան Պաքուի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական առաջին խաղերուն, իր ելոյթները յաղթանակով սկսաւ Հայաստանը ներկայացնող 52 քկ դասակարգի կռփամարտիկ Նարեկ Աբգարեան: 1-8-րդ հանգրուանին, Աբգարեան 2-1 արդիւնքով յաղթեց հունգարացի Նանտոր Ցոկիին: Քառորդ աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ 23 յունիսին, հայ կռփամարտիկը պիտի մրցի սլովաք Ուիլիամ Թանքոյի դէմ: 64 քկ դասակարգին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Պաչքով պարտուեցաւ ուքրանացի իր մրցակիցէն` Վիքթոր Փեթրովէն:

Page 1216 of 1275 1 … 1,215 1,216 1,217 … 1,275

Արխիւներ